Տիարպէքիր- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ Տիարպէքիր նահանգի Սուր թաղամասին մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին մասնակցած են մօտ 5000 ցուցարարներ բողոք բարձարացնելով պարետային ժամին դէմ: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ»ը, նշելով որ «Պարէտային ժամ»ը յայտարարուած էր 12 օր առաջ, PKK-ի կողմէ դրուած պատնէշներն ու անցարգելակները մաքրելու նպատակով: Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ գրանցուած բախումներուն հետեւանքով սպաննուած են 21 եւ 25 տարեկան երկու երիտասարդներ:Թերթը նշած է, որ երթը կազմակերպուած էր «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (HDP) կողմէ:Աղբիւրը կը գրէ նաեւ, որ ընկերային լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած նկարներէն եւ տեսերիզներէն կ'երեւայ, որ ցուցարարները քարեր արձակած են ոստիկանութեան վրայ եւ անիւներ ու արգելափակեր այրած, որոնց դէմ անկարգութիւնները սանձող ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրցան մեքենաներ օգտագործած է: Ըստ թրքական իշխանամէտ թերթին երկու մահացողներու կողքին վիրաւորուած են երկու անձեր են եւ ձերբակալուած է մօտ 40 անձ:Նշենք, որ թրքական բանակին եւ PKK-ի միջեւ հակամարտութիւնները կը շարունակուին 30 տարէի ի վեր, որուն հետեւանքով զոհուած են 40,000 անձեր: