image

Թուրքիոյ Մէջ Երիտասարդ Ուսանողուհիներու Դէմ Բռնարարքները Դարձած Են Մտահոգիչ

Թուրքիոյ Մէջ  Երիտասարդ Ուսանողուհիներու Դէմ Բռնարարքները  Դարձած Են Մտահոգիչ

Թուրքիա – («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)      Տարսոս  քաղաքի ոճրադատ  բարձրագոյն ատեանը ցկեանս բանտարկութեան պատիժ հրապարկեց երեք մեղադրեալներու դէմ, որոնք  սպաննած էին   Օզկէճան Ասլանը: Նշենք, որ այս մասին  գրած է «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը յիշեցնէ, թէ  17-ամեայ համալսարանի ուսանող Օզկէճհան Ասլան սպաննուած էր  անցնող  11 Փետրուար  Մէրսինի   մէջ : Ուսանողուհին սպաննուած էր  հանրակառքի մը մէջ         համալսարանէն   տուն երթալու  ճանապարհին:  Մարդկային իրաւանց եւ կանանց իրաւունքները պաշտպանող կազմակերպութեիւններ  բողոքի հաւաքներ  կատարած էին պահանջելով խստագոյն պատիժի ենթարկել յանցագործները: Նշենք, որ երիտասարդ ուսանողուհիներու հանդէպ  եղած  բռնարարքները     մտահոգիչ   երեւոյթ    դարձած են Թուրքիոյ մէջ: