Գերմանիոյ Անհալթ-Պիթերֆելտ շրջանին մէջ (Սաքսոնիա-Անհալթ դաշնային նահանգ) ցանցահէններու յարձակումները արտակարգ դրութիւն յայտարարելու պատճառ դարձած են, այսպիսի դէպք առաջինն է Գերմանիոյ մէջ: Այս մասին տեղեկացուցած է «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը` յղում տալով Deutschlandfunk ռատիոկայանին:
Յանցագործները քանի մը օր առաջ յարձակած են վարչական շրջանի համակարգչային համակարգին վրայ, վարչակազմը նշած է, որ աշխատանքները պէտք է ընդհատուին մօտ 2 շաբաթով:
«Աշխատանքը գործնականօրէն կաթուածահար է», - ըսած է վարչակազմի ներկայացուցիչը:
Մօտ 157 000 բնակչութիւն ունեցող շրջանին մէջ ընկերային եւ այլ ծրագիրներ ժամանակաւորապէս կարելի չէ վճարուին: Վարչակազմի ներկայացուցիչին խօսքերով՝ արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին որոշումը կայացուած է «աւելի արագ արձագանգելու համար»: Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան տեղեկատուական անվտանգութեան դաշնային գրասենեակը յայտարարած է, որ ներգրաւուած է աշխատանքներուն մէջ:
Յարձակումը իրագործող ցանցահէններուն նպատակը կը կասկածուի, որ գողութիւնն է, հաղորդած է ռատիոկայանը: Խօսքը տուեալներու գաղտնագրման մասին է, որոնք կրնան վերծանուիլ պահանջուող փրկագինը վճարուելէ ետք: