Թուրքիա – («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) Տարսոս քաղաքի ոճրադատ բարձրագոյն ատեանը ցկեանս բանտարկութեան պատիժ հրապարկեց երեք մեղադրեալներու դէմ, որոնք սպաննած էին Օզկէճան Ասլանը: Նշենք, որ այս մասին գրած է «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը յիշեցնէ, թէ 17-ամեայ համալսարանի ուսանող Օզկէճհան Ասլան սպաննուած էր անցնող 11 Փետրուար Մէրսինի մէջ : Ուսանողուհին սպաննուած էր հանրակառքի մը մէջ համալսարանէն տուն երթալու ճանապարհին: Մարդկային իրաւանց եւ կանանց իրաւունքները պաշտպանող կազմակերպութեիւններ բողոքի հաւաքներ կատարած էին պահանջելով խստագոյն պատիժի ենթարկել յանցագործները: Նշենք, որ երիտասարդ ուսանողուհիներու հանդէպ եղած բռնարարքները մտահոգիչ երեւոյթ դարձած են Թուրքիոյ մէջ: