image

Թուրքիոյ Առողջապահական Ծառայութիւնները Բուժման Համար Նախիջեւանէն Անգարա Փոխադրեցին 55 Ամեայ Կին

Թուրքիոյ Առողջապահական Ծառայութիւնները Բուժման  Համար  Նախիջեւանէն  Անգարա  Փոխադրեցին  55 Ամեայ Կին

Նախիջեւան- («Տէյլի Սապահ»)- Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարութեան  պաշտօնեաները Կիրակի օր պատասխանելով Նախիջեւանի պահանջքին՝  բժշկական խումբ մը ուղղարկած են այնտեղ, ծանր վիճակի մէջ գտնուող 55 ամեայ տարեց կինոջ  մը անհրաժեշտ շտապ բժշկական օգնութիւն հասցնելու համար: Այս մասին գրելով՝ «Տէյլի Սապահ» կը հաղորդէ, հիւանդ կինը տեղափոխուած է Թուրքիա միացուած թթուածին արարկող (ECMO) սարքով, եւ նման ծառայութիւնը կու գայ աւելնալու հեռու վայրերուն հրատապ առղղջապահական ծառայութիւնններ մատուցելու ծիրէն ներս եղած բարեփոխումներուն: Այս նպատակին կը ծառայեն ուղղաթիռային շտապ օգնութեան մեքենաներ, զրահապատ շտապօգնութեան եւ բազմաթիւ այլ երթեւեկութեան միջոցներ, որոնք կրնան դիմագրաւել անբարենպաստ եղանակն ու աշխարհագրականօրէն դժուար պայմանները:Թերթը կը նշէ, որ Սիվիլ Թալիպովա՝ Նախիջեւանի խորհրդարանի խոսնակ՝ Վասիք Թալիպովայի կինը եղած է առաջին հիւանդը, որ Թուրքիայէն դուրս գտնուելով ECMO սարքի միջոցաւ յաջողութեամբ տեղափոխուած է երկիր:Ինչպէս կը հաղորդուի, փոխադրութիւնը իրականացուած է Անգարայի համալսարանի, Արտաքին գործերու նախարարաի, առողջապահական նախարարութենա եւ մասնաւոր դերակատարներու համագործակցութեամբ, հսկողութեան տակ՝ Առողջապահական նախարարութեան նախագահի՝  արտակարգ իրավիճակներու Տոքթ. Սէլճուք Կէտիքի:Կը նշուի, որ Թուրքիան հեռաւոր եւ դժուար հասանելի վայրերուն առողջապահական ծառայութիւնը տրամադրելու համար ունի ընդհանուր 17 ուղղաթիռներ եւ երեք օդային շտապ օգնութեան մեքենաներ: