Չինաստան (Uighur.nl)- Չինացի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը բացայայտած է, որ Թուրքիան կը զինուորագրէ Ույղուր շրջանի բնակիչներ, որոնք կ'ապրին Քսինկ Ճեանկ (Xinjiang) նահանգին մէջ՝ զանոնք Սուրիա ուղարկելու համար: Այս մասին կը գրէ «Uighur.nl» կայքը, նշելով, որ Չինաստանի հանրային անվտանգութեան նախարարութեան նախագահը լրագրողներուն յայտնած է, թէ թուրք դիւանագէտներ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ թրքական անձնագիր տուած են ույղուրցի քաղաքացիներու եւ զանոնք ուղարկած ՝Թուրքիա: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ույղուրցիներ յետագային մաս կը կազմեն ISIS ահաբեկչական խմբաւորման: Աղբիւրը կը նշէ, որ ույղուր իսլամները չինացի փոքրամասնութիւն են, որոնք թրքերէն կը խօսին: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Յունիսի վերջերը 12,000 թրքական ուժեր պատրաստուած էին ռազմական միջամտութեան Սիրիոյ մէջ ապահով գօտի ստեղծելու եւ Թուրքիոյ սահմանը պաշտպանելու պատրուակով: