image

Թուրքիա Ույղուր Վարձկաններ Կը Զինուորագրէ ISIS –ի Կողքին Կռուելու համար. Չին Պատասխանատու

Թուրքիա Ույղուր Վարձկաններ Կը Զինուորագրէ ISIS –ի  Կողքին Կռուելու  համար. Չին  Պատասխանատու

Չինաստան (Uighur.nl)- Չինացի  բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը բացայայտած է, որ Թուրքիան  կը զինուորագրէ  Ույղուր  շրջանի բնակիչներ, որոնք կ'ապրին Քսինկ Ճեանկ (Xinjiang) նահանգին մէջ՝  զանոնք   Սուրիա ուղարկելու համար:  Այս մասին կը գրէ «Uighur.nl» կայքը, նշելով, որ Չինաստանի հանրային անվտանգութեան նախարարութեան նախագահը լրագրողներուն յայտնած է, թէ թուրք դիւանագէտներ  հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ թրքական անձնագիր տուած են ույղուրցի քաղաքացիներու  եւ  զանոնք ուղարկած ՝Թուրքիա: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ,  որ ույղուրցիներ յետագային  մաս կը կազմեն ISIS  ահաբեկչական  խմբաւորման: Աղբիւրը կը նշէ, որ ույղուր իսլամները  չինացի փոքրամասնութիւն են, որոնք թրքերէն կը խօսին: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Յունիսի վերջերը  12,000 թրքական ուժեր պատրաստուած էին ռազմական միջամտութեան Սիրիոյ մէջ ապահով գօտի ստեղծելու եւ Թուրքիոյ սահմանը պաշտպանելու պատրուակով: