Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը անդրադարձած է Թուրքիոյ տնտեսական ծանր վիճակին։
Կարօ Փայլանը Twitter–ի իր էջին գրած է. «Երբ իշխանութեան միջոցները կը վերջանան, կը սկսին փող տպել։ Պարոն փեսան (Էրտողանի փեսայ Պերաթ Ապայրաք) Կեդրոնական դրամատունէն պահուստային 40 միլիառ լիրան կ'ուղղէ պիւտճէ։ Այս քայլով 40 միլիառ լիրա պիտի տպուի, որու հետեւանքով գնաճը պիտի բարձրանայ, լիրան աւելի պիտի արժեզրկուի»։