Թուրքիոյ կողմէ Լիպիոյ մէջ նոր ծրագիրներ իրականացնելու ծրագիրները բողոքի ալիք ստեղծած են։
Այս մասին վերահասու դարձանք skynewsarabia կայքէն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս նշած է, որ Անգարա նոր ծրագիրներ մշակած է, որուն հիմնական նպատակն է ստեղծել թուրք-ատրպէյճանական տնտեսական համագործակցութեան ցանց մը Լիպիոյ մէջ։
Ի տես Անգարայէն լսելի դարձող յայտարարութիւններուն Լիպիոյ մէջ բողոքի ալիք մը սկսած է հասուննալ։ Մանրամասնութիւններուն մէջ եւ ըստ Թոպրուք շրջանի տեղական խորհուրդի նախկին նախագահ՝ Ֆարաժ Եասինին, ժողովրդական ցասումը հասած է իր գագաթնակէտին, յատկապէս որոշ շրջաններու մէջ ինչպէս՝ Պուրքա, ֆազան եւ Թոպրուք, ի մասնաւորի Թուրքիոյ յայտարարութիւններէն ետք, որոնք կը յուշեն թէ Թուրքիա Լիպիան կը համարէ թրքական գաղութ: Եասին շարունակած է, թէ Լիպիոյ ինքնիշխանութիւնը խախտող Էրտողանի յայտարարութեան ֆոնին վրայ, երկրի քաղաքական ուժերը պաշտօնապէս պիտի դիմեն ՄԱԿ-ին եւ Միջազգային հանրութեան այն պահանջով, որ վերջ դրուին ՆԱԹՕ-ի անդամ՝ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն:
Իր հերթին, Լիպիոյ Մարդու իրաւունքներու արաբական կազմակերպութեան նախագահ՝ Ապտըլմընհէմ Ալհուր պնդած է, թէ Թուրքիոյ տնտեսական նպատակները ակնյատ էին առաջին իսկ օրէն, անոր ռազմավարական միջամտութիւնը, երկիրը վերականգնելու ծրագիրները պատրուակներ էին իր վերահսկողութեան տակ առնելու Լիպիոյ ծովային ու ցամաքային շրջաններու նաւթը: Ան շեշտած է, թէ Թուրքիան կ'աջակցի ահաբեկչական խմբաւորումներու, ի շահ Էրտողանի Նէօսմանական ծաւալապաշտական ծրագրի վերականգնումին:
Ըստ իրաւագիտութեան դասախօսին, որեւէ կնքուած պայմանագիր Լիպիոյ եւ թրքական կողմի միջեւ անօրինական է, որովհետեւ իրաւական ու սահմանադրական հիմք չունի:
Ալհուր նաեւ ըսած է, որ Լիպիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան բոլոր մարմինները՝ ներառեալ խորհրդարանը, նոյնիսկ եթէ միջազգայնօրէն ճանչուած են, իրաւունք չունին ստորագրելու այնպիսի պայմանագիրներ, որոնք անհրաժեշտ չեն անցումային հանգրուանին համար։