image

Տէմիրթաշ ազատ պիտի արձակո՞ւի. ՄԻԵԴ-ը կը պահանջէ անոր ազատութիւնը

Տէմիրթաշ ազատ պիտի արձակո՞ւի. ՄԻԵԴ-ը կը պահանջէ անոր ազատութիւնը

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը որոշում կայացուցած է, որ թուրք իրաւապահները խախտած են մարդու իրաւունքները եւ առանց հիմնաւոր ապացոյցներու կալանքի տակ պահած են քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան արդէն նախկին առաջնորդ Սելահէտտին Տէմիրթաշը։

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»–ը, ՄԻԵԴ–ը որոշում կայացուցած է դեռ 2017–ին ընդունուած հայցի հետ կապուած։  ՄԻԵԴ–ը քանի մը կէտերով բողոքները ուսումնասիրած է եւ որոշում կայացուցած՝ պարտադրել Թուրքիոյ՝ ազատ արձակել Տէմիրթաշը։Նշենք, որ Սելահատտին Տէմիրթաշը ձերբակալուած է «ահաբեկչական կառոյցի գովք» ընելու եւ «մարդոց բռնութիւններու ուղղորդելու» մեղադրանքով։