image
Հրատապ լուրեր:

Ճոն Քերի անդրադարձած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին

Ճոն Քերի անդրադարձած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին

ԱՄՆ պետքարտուղար Ճոն Քերի Համպուրկի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու  խորհուրդի 23-րդ նիստին անդրադարձած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան: Այս մասին հաղորդած է ԵԱՀԿ պաշտօնական կայքը:

«Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը միակ վտանգը չէ, որուն դէմ հանդիման կանգնած  է Եւրոպան: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի, Վրաստանի մէջ ձգձգուած հակամարտութիւնները նոյնպես վտանգ կը ներկայացնեն Եւրոպայի անվտանգութեան»,- ըսած է Քերի: