ԱՄՆ պետքարտուղար Ճոն Քերի Համպուրկի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 23-րդ նիստին անդրադարձած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան: Այս մասին հաղորդած է ԵԱՀԿ պաշտօնական կայքը:
«Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը միակ վտանգը չէ, որուն դէմ հանդիման կանգնած է Եւրոպան: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի, Վրաստանի մէջ ձգձգուած հակամարտութիւնները նոյնպես վտանգ կը ներկայացնեն Եւրոպայի անվտանգութեան»,- ըսած է Քերի: