Յունիս 22-էն 28-ը Ֆրանսայի մէջ անսովոր տաք եղանակի հետեւանքով աւելի քան 2000 մարդ մահացած է։ Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Սթեֆանի Ռիսթը։
«Այսօր առաւօտեան Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի հրապարակէ Յունիս 22-էն 28-ը՝ շաբթուան մահացութիւններու վերաբերեալ տուեալները, որ կը կազմէ մօտ 2,025 նոր մահուան դէպք», ըսած է Ռիսթը։
Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարարը աւելցուցած է, որ վերջին օրերու անսովոր տաքութեան ընթացքին յատկապէս 45 տարեկանէն բարձր քաղաքացիներու շրջանին մահացութեան ակնյայտ աճ արձանագրուած է։
Ֆրանսան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի շարք մը այլ երկիրներ, վերջին օրերուն գտնուած է անսովոր տաքութեան ալիքին ազդեցութեան տակ։ Աւելի վաղ երկրի օդերեւութաբանական ծառայութիւնը այս պատճառով եղանակային վտանգի ամենաբարձր աստիճանը սահմանած էր 96 վարչական բաժանումներէն 72-ի համար, որ նոր արձանագրութիւն կը նկատուի։ Ջերմաստիճանը մօտեցած է 40 աստիճանի, իսկ որոշ շրջաններու մէջ նոյնիսկ գերազանցած է այդ սահմանը։