Ճիզրէ-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ Ներքին գործերու նախարար Էքֆան Ալա, հինգշաբթի օր Պոլսոյ լրագրողներուն յայտնած է, որ հարաւ-արեւելեան Շիրնաք նահանգի Ճէզրէ շրջանին մէջ PKK-ի դէմ հակաահաբեկչական գործողութիւնները աւարտուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Սապահ», նշելով, որ սակայն անվտանգութեան ուժերը տակաւին պիտի շարունակեն հսկել որոշ տարածքներ, կանխելու՝ ոճրագործական գոծողութիւնները: Ալա նաեւ շեշտած է, թէ կարելի է, որ այնտեղ պայթուցիկ թակարդներ մնացած ըլլան, սակայն պետութիւնը յաջողութեամբ ստանձնած է շրջանի վերահսկողութիւնը:
«Սապահ» կը նշէ, որ շրջանին մէջ շաբաթ մը տեւած պարետային ժամի պարտադրումէն ետք, անվտանգութեան ուժերը տարածաշրջանը մաքրած են PKK- ի կողմէ փորուած խրամատներէն եւ ծանր վնասներ ու մեծ կորուստներ պատճառած են կազմակերպութեան:
Նաեւ կը նշուի, թէ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան տարածքի Սուր, Ճիզրէ եւ Սիլոփի շրջաններու մէջ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին աւելի քան 718 PKK-ի անդամներ սպաննուած են, 2015-ի դեկտեմբերի կէսերէն սկսեալ: