ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանը առանձին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Սպիտակ տունէն յայտնած են, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Սալիվանը վերահաստատած է ԱՄՆ յանձնառութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն ու բարօրութիւն հաստատելու: Միաժամանակ, նշուած է, որ խորհրդականը հեռաձայնային զրոյց ունեցած է նաեւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
«Սալիվանը մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին լարուածութեան առթիւ եւ շեշտած է, որ ռազմական տեղաշարժերը չսահմանագծուած սահմաններու մօտ անպատասխանատու եւ սադրիչ քայլեր են: Ան ողջունած է երկու կողմերու միջեւ ընթացող շփումները եւ երկու առաջնորդներու յանձնառութիւնը՝ խնդիրը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու»,- ըսուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ:
ԱՄՆ նախագահի խորհրդականը անհրաժեշտ համարած է երկու երկիրներու կողմէ միջազգային սահմաններու հաստատման վերաբերեալ պաշտօնական քննարկում իրականացնելը:
Ան անգամ մը եւս վերահաստատած է ԱՄՆ յանձնառութիւնը՝ տարածաշրջանային հաշտեցման հասնելու, ինչպէս երկկողմ յարաբերութիւններու միջոցով, այնպէս էլ՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր: