Աքքար- («Ալ-Ժատիտ»-Պէյրութ)- Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան մարմիններ ձերբակալած են «Տահէշ»ի օրինական մէկ էմիրը լիբանանեան Աքքարի շրջանին մէջ: Ձերբակալեալը նաեւ խոստովանած է, թէ զինեալ խմբաւորումներ առաջացնելու նպատակով շատ մը լիբանանցիներու հաւաքագրում ըրած էր, որոնց պարտականութիւնն էր պայթուցիկ գօտիներու միջոցաւ ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացումը, թիրախաւորելով անվտանգութեան կեդրոններ, ռազմական անցակէտեր: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրը հաղորդեց նաեւ, որ Էմիրէն բացի նոյնպէս ձերբակալուած են որ երկու անձեր, որոնք հարցաքննութեան ընթացքին խոստովանած են իրենց «Տահէշ»ի հետ կապի մասին Աքքարի մէջ, ինչպէս նաեւ խոստովանած են լիբանանաեան բանակի զօրամասերէն մէկուն վրայ անձնասպանական գործողութիւն գործելու ծրագրի մը մասին:Կը նշուի, որ հարցաքննութենէն ետք անոնք տեղափոխուած են իրաւական դատարան եւ ներկայիս աշխատանք կը տարուի ձերբակալելու խումբին մէջ ներգրաւուած բոլոր վտանգաւոր մեղադրեալները: