Լիբանանեան Աքքար նահանգի Շէյխ Այեաշ գիւղին մէջ գտնուող վառելանիւթի կայարանին առջեւ հերթի սպասող վարորդներուն միջեւ ծագած վէճին հետեւանքով միջադէպ մը գրանցուած է։
Այս մասին կը հաղորդէ LBCI կայանը:
Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ խնդիրը առաջացած է, երբ հերթի մէջ սպասող երկու վարորդներ սկսած են վիճիլ, որ յանգեցուցած է բախման եւ կրակոցներու:
Հաղորդուած է նաեւ, որ հրկիզուած է քաղաքացիներէն մէկուն ինքնաշարժը։
Դէպքի առթիւ անվտանգութեան ծառայութիւնները հետաքննութիւն կ'իրականացնեն: