image

Սուրիական Աֆրին քաղաքը «կը թրքականացուի»

Սուրիական Աֆրին քաղաքը «կը թրքականացուի»

Աֆրինի շարք մը դպրոցներուն մէջ սկսած են դասաւանդել թուրք ուսուցիչներ։ Կրթութեան թրքական ծրագիր մտցուած է, լուրջ ուշադրութիւն կը  դարձուի նաեւ կրօնական քարոզչութեան։ Այս մասին  «Sputnik»ի համաձայն, երեքշաբթի հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ ըսած է ռազմական փորձագէտ, Razm.info կայքի վերլուծաբան Տարօն Յովհաննիսեանը։

Ան յայտնած է, որ սուրիական Աֆրին  աւանին  մէջ զանգուածային թրքացման քաղաքականութիւն կ'իրականացուի, հաստատելով, որ «Էրտողանը սուրիական տարածքները իւրացնելու նպատակաուղղուած քաղաքականութիւն  կ'իրականացնէ»։

Ան յիշեցուցած է, որ Անգարան կը ծրագրէ նաեւ «անվտանգութեան գօտի» ստեղծել Սուրիոյ հիւսիսը եւ այդ տարածքները բնակեցնել սուրիացի փախստականներով, որոնք հիմա Թուրքիոյ մէջ են։ Տարբեր տուեալներու համաձայն` անոնց թիւը կը հասնի մօտ 2.5-3 միլիոնի։

Թուրքիոյ իշխանութիւնները բազմաթիւ անգամ յայտարարած են, որ պիտի չսահմանափակուին Աֆրինի գրաւմամբ եւ մտադիր են շարունակել «հակաահաբեկչական գործողութիւնները» Մընպէճի մէջ, այնուհետեւ մարտական գործողութիւնները տեղափոխել Եփրատի արեւելեան ափեր։

Ինչ կը վերաբերի Մընպէճին, ապա այստեղ տեսականօրէն գոյութիւն ունի բախման վտանգ՝ այնտեղ գտնուող ամերիկացի հրահանգիչներու եւ թրքական բանակի միջեւ, այն պարագային, եթէ վերջինը որոշէ ռազմական գործողութիւններ սկսիլ քրտական «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ»ու (YPG) դէմ։

 

Մընպէճի մէջ գործողութիւններ սկսելու մասին յայտարարութեանն ի պատասխան ամերիկեան կողմը արդէն հասկցուցած է, որ իր զինուորականները այնտեղէն դուրս չեն գար։