image

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչէն մինչեւ Սուրբ Էջմիածին․ Գանատայի Թեմի Առաջնորդի այցը՝ Գէմպրիճ

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչէն մինչեւ Սուրբ Էջմիածին․ Գանատայի Թեմի  Առաջնորդի այցը՝ Գէմպրիճ

Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի հոգեւոր ժառանգութեան խորհուրդներով լեցուն օրերուն, Գանատայի Հայոց Թեմի մէջ տեղի ունեցաւ հաւատքի, ծառայութեան եւ եկեղեցական նուիրումի գեղեցիկ արտայայտութիւն մը։ Գէմպրիճի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընթացքին, ոչ միայն աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած, այլեւ արժեւորուեցան եկեղեցական սպասաւորութեան պատրաստութեան ու վերապատրաստման ճիգերը՝ հաստատելով, որ Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը նոր սերունդներու մասնակցութեամբ եւ նուիրումով։

Ստորեւ  Թեմակալ Առաջնորդին  Գէմպրիճ տուած  հովուական այցին մասին հրապարակուած լրատւութիւնը՝ Թեմի  Առաջնորդական Դիւանէն՝

Կիրակի, 7 Յունիս 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց Գէմպրիճի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։

Սուրբ Պատարագ մատուցեց Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեանը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեանը, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի կազմակերպած սարկաւագներու վերաւորակաւորման եւ պատրաստութեան դասընթացքներուն մասնակցած սարկաւագներուն եւ դպիրներուն վկայագիրներու բաշխումը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանի եւ Բարեշնորհ Տարօն Սարկաւագ Հալլաճեանի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մասնակից սարկաւագներուն եւ դպիրներուն ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնն ու եկեղեցասէր ոգին։

Պատարագի աւարտին Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան իր պատգամը փոխանցեց՝ բնաբան ունենալով. «Թագաւոր Երկնաւոր զԵկեղեցի Քո անշարժ պահեա եւ զերկրպագուս անուանդ Քում պահեա ի խաղաղութեան»։

Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ այս օրերուն Հայ Եկեղեցին տօնած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Ելն ի Վիրապ տօնը, իսկ անոր յաջորդող օրը՝ Սուրբ Էջմիածնի, այսինքն Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տօնը, ընդգծելով, որ այս երկու տօները անբաժանելիօրէն կապուած են իրարու։

«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը միայն մէկ անձ չէր, այլ ամբողջ ժողովուրդ մը վերածնող հոգեւոր առաջնորդ մը։ Ան մերժեց սուտն ու կուռքերը, ընդունեց ճշմարիտ Աստուծոյ Խօսքը եւ անոր համար կրեց չարչարանքներ, հալածանքներ ու տասնամեակներու բանտարկութիւն Խոր Վիրապի մութ խորքերուն մէջ։ Սակայն նոյն այդ մութ վիրապէն դուրս եկաւ որպէս լուսաբեր արեգակ՝ լուսաւորելու ամբողջ ազգ մը։

Լուսաւորչին ելքը Խոր Վիրապէն եղաւ ամբողջ հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերածնունդին սկիզբը։ Իր քարոզութեամբ եւ սրբակեաց կեանքով ան առաջնորդեց մեր հայրերը դէպի Քրիստոսի լոյսը եւ հիմը դրաւ այն եկեղեցւոյ, որ դարեր շարունակ պիտի դառնար հայ ժողովուրդի հաւատքի, ինքնութեան եւ գոյատեւման ամուր վահանը», շեշտեց Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան։

Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի