image

Հերթական անգամ սուրիական պաշտպանութեան համակարգերը դէմ կանգնած են Իսրայէլի գրոհին

Հերթական անգամ սուրիական պաշտպանութեան համակարգերը դէմ կանգնած են Իսրայէլի գրոհին

 

Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը ետ մղած են իսրայէլական օդային յարձակումը Դամասկոսէն հարաւ ինկած տարածքին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ սուրիական պետական SANA գործակալութիւնը:

Գործակալութեան տուեալներով` Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածներ հասցուցած են Կոլանի բարձրունքներու կողմէն եւ Լիբանանի օդային տարածքէն:

«Մեր հակաօդային պաշտպանութիւնը ետ մղած է իսրայէլական յարձակումը հարաւային շրջաններուն մէջ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Գործակալութեան տուեալներով ՝ սուրիացի զինուորականները կարողացած են խոցել քանի մը հրթիռ:

Սուրիական բանակը նշած է, որ միջադէպի հետեւանքով 4 զինուոր վիրաւորուած է: Անոնց վիճակի մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: