Ուաշինկթընի վարչակազմը կը քննարկէ Թուրքիոյ F-35 կործանիչներ փոխանցելու կարելիութիւնը եւ այդ հարցով կ՚աշխատի Քոնկրեսին հետ։ Այդ մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը։
«Ես գիտեմ, որ Փիթ Հեկսեթը եւ ամբողջ խումբը այժմ կը զբաղին այս հարցի ուսումնասիրութեամբ, որովհետեւ կան որոշակի հարցեր, որոնք պէտք է համապատասխանեցուին ամերիկեան օրէնքներու պահանջներուն։ Նախագահը մեզի յանձնարարած է այդ գործը կատարել»,– ըսած է Վենսը, որ կը մասնակցէր Սպիտակ տան մէջ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հանդիպման։
«Այս հարցը, ըստ էութեան, Քոնկրեսին կը վերաբերի։ Խօսքը այն մասին է, թէ արդեօք Թուրքիան կը պահպանէ ամերիկեան օրէնքները, որպէսզի կարենայ ստանալ F-35 կործանիչներ»,– պարզաբանած է Վենսը։
«Մենք պիտի աշխատինք այդ ուղղութեամբ»,– աւելցուցած է Թրամփը։