image

Հայ Աւետարանական Եկեղեցին 180 տարեկան. Խղճի ազատութեան եւ հաւատքի յանձնառութեան վկայութիւն մը

Հայ Աւետարանական Եկեղեցին 180 տարեկան. Խղճի ազատութեան եւ հաւատքի յանձնառութեան վկայութիւն մը

Հայ Աւետարանական Եկեղեցին հայ ժողովուրդի նորագոյն հոգեւոր եւ կրթական պատմութեան մէջ ունի իր ուրոյն եւ արժանաւոր տեղը։ 1846-ին ծնունդ առած այս եկեղեցական շարժումը, ժամանակի ընթացքին, դարձաւ ոչ միայն հաւատքի եւ Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրութեան կենդանի օճախ, այլ նաեւ՝ կրթութեան, մշակոյթի, ընկերային ծառայութեան եւ ազգային վերազարթօնքի կարեւոր ուժերէն մէկը։

Իր հիմնադրութեան առաջին օրէն Հայ Աւետարանական Եկեղեցին առանձնացաւ խղճի ազատութեան, անհատական հաւատքի պատասխանատուութեան եւ համայնքային ծառայութեան սկզբունքներով։ Ան հիմնեց դպրոցներ, որբանոցներ, տպարաններ, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններ՝ ծառայելով հայ մարդուն հոգեւոր լուսաւորման, մտաւոր զարգացման եւ ընկերային վերականգնումին։ Ցեղասպանութեան, տարագրութեան եւ սփիւռքեան կեանքի ծանրագոյն հանգրուաններուն մէջ ալ, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին մնաց կանգուն՝ իբրեւ յոյսի, կրթութեան եւ ծառայութեան հաստատ կամուրջ։

Այս պատմական ժառանգութեան խոր գիտակցութեամբ է, որ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը՝ ՄԱՀԱԵՄ, Կիրակի, 21 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, հանդիսաւոր պաշտամունքով նշեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակը՝ Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիին մէջ։ Նոյն հանդիսութիւնը միաժամանակ ծառայեց որպէս ՄԱՀԱԵՄ-ի ՀԹ. տարեկան Համաժողովի պաշտօնական բացում՝ համախմբելով միջեկեղեցական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ համայնքային լայն ներկայացուցչութիւն։

Ստորեւ այդ առթիւ տեղի ունեցած հանդիսութեան մասին «Արեւելք»ին ուղարկուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութիւնը (ՄԱՀԱԵՄ) նշեց Հայց. Աւետ. Եկեղեցիին 180-ամեակը հանդիսաւոր պաշտամունքով Կիրակի երեկոյ, 21 Յունիս 2026ին, Հայ Աւետ. Առաջին Եկեղեցիին մէջ։ Միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչներ, հայ եւ այլ, մասնակցեցան պաշտամունքին, որը նաեւ ծառայեց որպէս ՄԱՀԱԵՄի ՀԹ. տարեկան Համաժողովի պաշտօնական բացումը։

Պաշտամունքի թեման էր «Խղճի Ազատութիւն եւ Հաւատքի Յանձնառութիւն» (Գաղատացիս 5.1)։ Միութեան Նախագահի Տեղապահ, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան իր պատգամին մէջ շեշտեց ոչ միայն որպէս Հայց. Աւետ. Եկեղեցիին հիմնադրութեան գլխաւոր սկզբունքը, այլ նաեւ որպէս ուղեցոյց՝ այսօրուայ Քրիստոնեայ Եկեղեցիին ծառայութեան կեանքին։

Երիտասարդ, պատանի թէ մանուկ մասնակցողներ խմբային աղօթքով, երգչախումբով եւ նուագով ելոյթ ունեցան պաշտամունքի մէջ։ Շնորհաւորական խօսք առին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ՝ Արհ. Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Վեր. Ժոզէֆ Քասապ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աւետ. Համայնքի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահ։ 

Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքէն զատ, ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Վեհափառ Արամ Ա.ի ներկայացուցիչը, Երուսաղէմի եւ Միջին Արեւելքի Անկիլքան Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոս Նաուիմի ներկայացուցիչը, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Քարտուղարը, Միջին Արեւելքի Աւետարանական Եկեղեցիներու Հաղորդակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարը, եւ ուրիշ կրօնական, քաղաքական եւ համայնքային ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի նախարարներ եւ երեսփոխաններ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպանը։ 

ՄԱՀԱԵՄի Համաժողովի գործի ժողովը ծրագրուած է տեղի ունենալ յաջորդ օրը, նոյն վայրին մէջ։