image

Ընտրակաշառքի գործով խուզարկութիւններ կատարուած են Գիւմրիի աւագանիի անդամ Կարէն Սիմոնեանի տան մէջ

Ընտրակաշառքի գործով խուզարկութիւններ կատարուած են Գիւմրիի աւագանիի անդամ Կարէն Սիմոնեանի տան մէջ

Իրաւապահները խուզարկած են Գիւմրիի աւագանիի անդամ, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածու Կարէն Սիմոնեանի բնակարանը։

ՀՀ Հակափտածութեան կոմիտէէն յայտնած են, որ խուզարկութիւնները կատարուած են իրենց կողմէ քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։

««Հայաստան» դաշինքի համակիրներու կողմէ ընտրակաշառք տալու, ստանալու դէպքերու առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակում խուզարկութիւններ են իրականացւում»,- նշած են կոմիտէէն։