Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութեան անդամներու՝ փոխվարչապետերու եւ նախարարներու կազմին մէջ փոփոխութիւններու կարիք չի տեսներ եւ չի նախատեսեր։
Վարչապետն այդ մասին ըսած է Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ։
«Կառավարութեան անդամների կազմում՝ փոխվարչապետեր եւ նախարարներ, փոփոխութիւնների կարիք չեմ տեսնում, չեմ նախատեսում։ Գործադիրի այլ մակարդակներում որոշ փոփոխութիւններ, մտածում եմ, որ տեղի կ՚ունենան»,-ըսած է Փաշինեանը՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Հայաստանի մէջ յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Կառավարութեան մէջ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին։