image

Իսրայէլը եւ Լիբանանը կը քննարկեն տարածքներու փոխանցման տարբերակը

Իսրայէլը եւ Լիբանանը կը քննարկեն տարածքներու փոխանցման տարբերակը

Ուաշինկթընի մէջ ընթացող բանակցութիւններու շրջածիրէն ներս կը քննարկուի Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ իրականացուելիք ծրագիր մը, ըստ որու՝ Իսրայէլը պատերազմի ընթացքին գրաւուած որոշ տարածքներ պիտի յանձնէ Լիբանանի զինուած ուժերուն։

Իսրայէլեան կողմի պայմանով՝ այդ ստորաբաժանումները պէտք է անցնին Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած վերապատրաստումն ու ստուգումները՝ «Հըզպալլա»-ի հետ որեւէ կապ բացառելու նպատակով, մինչդեռ սահմանային ապահովական գօտիին մէջ Իսրայէլ պիտի պահպանէ իր ռազմական ներկայութիւնը։

Թէեւ դիւանագիտական այս ուղին մերժուած է «Հըզպալլա»-ի կողմէ, Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ձեռք բերուած ժամանակաւոր համաձայնութիւնը կողմերը կը պարտաւորեցնէ վերջ տալ ռազմական գործողութիւններուն եւ յարգել Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը։

Բանակցութիւններու վերջնական արդիւնքներն ու զօրքերու դուրսբերման ժամանակացոյցը պիտի յստականան հինգշաբթի օրը։