Մեր գործողութիւնները Խրիմի մէջ մանրակրկիտ կերպով ծրագրուած են, յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։
«Գործողութեան ընթացքը բացարձակապէս կ՚ապացուցէ, որ եթէ Ուքրանիան հասնի այն բոլորին, ինչ մենք քննարկած ենք մեր գործընկերներուն հետ G7-ի շրջածիրէն ներս, եւ այդ կախեալ է մեր գործընկերներու որոշումներէն, մենք անյապաղ պիտի ապահովենք այն պայմանները, որոնց պարագային Ռուսիան ստիպուած պիտի ըլլայ ընտրել խաղաղութիւնը։ Մենք յոյս կը դնենք մեր գործընկերներու դրական արձագանգին վրայ։ Անոնք յստակ կը հասկնան, թէ ինչի մասին կը խօսինք»,– նշած է ան։
Ան չէ մանրամասնած, թէ ի՛նչ քննարկած են, բայց նախապէս յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ քննարկած է Patriot հակաօդային պաշտպանութեան համակարգին համար հրթիռներու արտադրութեան արտօնագրման հարցը։