image

Մոսկուան կը սպասէ ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ Երեւանի պաշտօնական որոշման. Վասիլեւ

Մոսկուան կը սպասէ ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ Երեւանի պաշտօնական որոշման. Վասիլեւ

Ռուսիան Հայաստանի կողմէ պաշտօնական որոշում կ՚ակնկալէ՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հետագայ մասնակցութեան վերաբերեալ։ Այդ մասին յայտարարած է կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիքթոր Վասիլիեւը։

Անոր խօսքով՝ Երեւանը պէտք է որոշէ միաւորման հետ իր փոխգործակցութեան ձեւաչափը եւ այդ մասին տեղեկացնէ կազմակերպութեան գործընկերները։

«Անոնք կա՛մ կը մնան կազմակերպութեան մէջ, կա՛մ կը նախընտրեն այլ սենար։ Պէտք է մեզ տեղեկացնեն այդ մասին»,– ըսած է Վասիլիեւը։