image

«Միասնութեան թեւեր»էն նոր առաջարկ ընդդիմադիր ուժերուն 

«Միասնութեան թեւեր»էն նոր առաջարկ ընդդիմադիր ուժերուն 

Այսօր տեղեկացանք, որ Սահմանադրական դատարանը յունիս 23-ի աշխատակարգային նիստին անդրադարձած է «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութեան միջնորդութեան`տասը կուսակցութիւններուն Աժ ընտրութիւններու արդիւնքներն անվաւեր ճանչնալու միացուած գործով երրորդ անձ ներգրաւելու մասին։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւնը։

«Դատարանն արձանագրել է. «…համաձայն «Սահմանադրական դատարանի մասին» սահմանադրական օրէնքի 77-րդ յօդուածի 5-րդ մասի՝ կուսակցութիւնները կամ կուսակցութիւնների դաշինքները Սահմանադրական դատարանում որպէս երրորդ անձինք կարող են դատավարութեանը ներգրաւուել կա՛մ իրենց դիմումի հիման վրայ, կա՛մ Սահմանադրական դատարանի նախաձեռնութեամբ: Ուստի՝ յայտնում ենք, որ Սահմանադրական դատարանն այլ կուսակցութեան առնչութեամբ որեւէ կուսակցութեան ներկայացրած նման միջնորդութիւն չի քննարկում»։

Մեր միջնորդութեան էութիւնն այն էր, որ Սահմանադրական դատարանը հենց իր նախաձեռնութեամբ ներգրաւի երրորդ կողմ, քանի որ քննուող դիմումների արդիւնքով կայացուող որոշումը վերաբերում է ընտրութիւններին մասնակցած բոլոր քաղաքական ուժերին։

Հաշուի առնելով, որ Սահմանադրական դատարանը չի քննարկել մեր ներկայացրած միջնորդութիւնը՝ կոչով դիմու ենք՝ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն, «Հայաստանի շնորհապետական կուսակցութիւն», «Բոլորին դէմ» կուսակցութիւն, «Քրիստոնեայ-դեմոկրատական վերածնունդ» կուսակցութիւն, «Հայ ազգային կոնգրես» կուսակցութիւն, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն,«Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ կուսակցութիւն, ««Քոչարի» ազգային վերածնունդ եւ ազգի զարթօնք» կուսակցութիւն, «Ռեֆորմիստների» կուսակցութիւններին ներգրաւել այս գործով որպէս երրորդ անձ եւ տէր կանգնել իրենց ձայն տուած քաղաքացիներին»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։