image

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով պատուեց Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Խրիստոտուլիտիսը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանով պատուեց Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Խրիստոտուլիտիսը

Այցելութեան կազմակերպական եւ համայնքային ծիրին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է նաեւ Կիպրոսի Խորհրդարանին մէջ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան, որ երկար տարիներէ ի վեր աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական, ազգային եւ համայնքային կեանքին։

Նիկոսիոյ մէջ կայացած այս արարողութիւնը անգամ մը եւս ընդգծեց Կիլիկեան Աթոռին եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան միջեւ հաստատուած պատմական բարեկամութիւնը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի իշխանութիւններուն յարգանքը հանդէպ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան։

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Կիպրոս- Տեղական մամուլ, սեպհական աղբիւրներ

Կիլիկեան Աթոռին եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւնները երկար տարիներու պատմութիւն ունին եւ միշտ ալ առանձնացած են փոխադարձ յարգանքի, վստահութեան ու գործակցութեան բարձր մակարդակով։ Այս կապերը յատկապէս շեշտուած էին Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի օրերուն, նկատի ունենալով, որ ան կը սերէր կիպրական կղզիէն եւ բացառիկ յարաբերութիւններ ունէր Կիպրոսի քաղաքական ու կրօնական ղեկավարութեան, ընդհուպ մինչեւ Մաքարիոս Արքեպիսկոպոսին հետ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գահակալութեան տարիներուն ոչ միայն շարունակեց այդ աւանդական կապերը, այլ նաեւ նոր թափ, խորք եւ աշխուժութիւն հաղորդեց անոնց՝ Կիլիկեան Աթոռին եւ Կիպրոսի պետական իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը բարձրացնելով նոր մակարդակի։

Այս ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ պէտք է դիտել այսօր Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութիւնը, որուն ընթացքին Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Խրիստոտուլիտիսին շնորհեց «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշանը։

Շքանշանի շնորհումը կը հանդիսանայ Կիլիկեան Աթոռին երախտագիտական եւ գնահատանքի արտայայտութիւնը Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահին եւ կիպրական իշխանութիւններուն հանդէպ՝ հայ ժողովուրդին, Կիպրոսի հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս Կիլիկեան Աթոռին նկատմամբ ցուցաբերուած հոգատարութեան, բարեացակամութեան եւ յարգանքին համար։

Ուշագրաւ է, որ Վեհափառ Հայրապետին սոյն այցելութեան ընկերակցած էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Ազգ. Իշխանութեան Համաատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Մահսերէեճեան, Լիբանանի Նախարարաց Խորհուրդի անդամ՝ նախարարուհի Նորա Պայրագտարեան, Կիպրոսի թեմական պատասխանատուներ եւ հոգեւոր հայրեր՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան։