Իսրայէլի մէջ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին։
Մինչ իսրայէլեան օդուժը կը շարունակէ հարուածել Կազան, անդին «Համաս» շարժումի «Ըզ ալ տին քասսամ» զօրագունդի բանբերը յայտարարած է, որ եթէ Իսրայէլ շարունակէ թիրախաւորել Կազայի անզէն բնակչութեան կեդրոնները, ապա իրենք Կազայի մերձ գտնուող «Ասքալան» քաղաքը դժոխքի պիտի վերածեն։
Իր կարգին «Ալ Մայատին» կը հաղորդէ, որ պաղեստինեան ջոկատներ հարուածներ հասցուցած են իսրայէլեան «Ասքալան» եւ «Աստուտ» քաղաքներուն եւ այդ շրջաններուն մէջ վախի մթնոլորտ կը տիրէ։
«Արեւելք» պիտի շարունակէ ուշի-ուշով հետեւիլ Պաղեստինի զարգացումներուն։