image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիա. Ահաբեկչական նոր խմբաւորում մը գլուխ կը ցցէ. Որո՞ւ մասին է խօսքը

Սուրիա. Ահաբեկչական նոր խմբաւորում մը գլուխ կը ցցէ. Որո՞ւ մասին է խօսքը

Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական նոր խմբաւորում մը կը փորձէ ինքնահաստատուիլ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Lebanon 24 » կայքը, նշելով, որ խօսքը կը վերաբերի «Հուրրաս Ալ-տին» («Կրօնի պահակներ») կազմակերպութան, որ կարեւոր եւ ազդեցիկ ներկայութիւն ունի Իտլիպ նահանգին մէջ:

Աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ սիւննի իսլամներէ բաղկացած այս կազմակերպութիւնը կտրականապէս մերժած է նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի միջեւ Իտլիպի հարցով գոյացուած համաձայնագիրը եւ յայտարարած է, թէ իրենք պիտի պայքարին մինչեւ վերջ:

Աղբիւրը նաեւ կը բացայայտէ, որ այսօրուան դրութեամբ եւ հակառակ ռատիքալիսթ խմբաւորումներու թուլացման, «Հուրրաս ալ-տին»ը կը համարուի ամէնէն ուժեղ զինեալ խմբաւորումը Իտլիպի մէջ: