Էրէբունիի ՊՊԾ կայանին մէջ գտնուող «Սասնայ ծռեր» խումբը կը մերժէ յանձնուիլ: Այսօր այդպէս յայտատարեց խումբի անունով հանդէս եկող Վարուժան Աւետիսեան: Ան նաեւ ըսաւ, թէ իրենց յանձնուելուն վերաբերեալ շրջան ընող զրոյցները անճիշդ են: Աւետիսեան նաեւ ըսաւ, թէ իրենց համար հիմնական պահանջը կը մնայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարանը եւ իրենք պատրաստ են զօրանոցին մէջ մնալ մինչեւ այդ նպատակին իրագործումը: Աւելի վաղ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, Արցախի հերոս եւ զինեալ խմբակին ու օրինապահ մարմիններուն միջեւ միջնորդի դերով հանդէս եկող Վիթալի Բալասանեան յայտարարած էր, որ թէ Ժիրայր Սէֆիլեան դրական արձագանքած է զինեալ տղոց զէնքերը վար դնելու խնդրին ու յայտնած, թէ ինք կը հրաժարի հանրապետութեան նախագահի հրաժարական պահանջելու խնդրէն: