Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդի կողմէ հրադադարի պահպանաման ռեժիմի խախտումներու աճ արձանագրուած է: Հակառակորդը ականանետերէ, տարբեր տեսակի նռնականետերէ ու հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 70 անգամ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1000 կրակոց:
Աւելի մեծ թիւով խախտումներ արձանագրուած են առաջնային գիծի արեւելեան, հարաւային եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններով: Նշուած հատուածներուն մէջ ազրպէյճանական զինուժը ականանետէ ու նռնականետերէ ընդհանուր առմամբ արձակած է 34 արկ, որմէ 24-ը ականանետերէ, 10-ը՝ նռնականետերէ:
ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան, խիստ անհրաժեշտութեան պարագային պատասխանելով հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւններուն:
