image

Ռուսաստան կը մեղադրէ Միացեալ Նահանգները. Արդեօ՞ք Վրաստանի մէջ կը գործեն ամերիկեան գաղտնի տարրալուծարաններ

Ռուսաստան կը մեղադրէ Միացեալ Նահանգները. Արդեօ՞ք Վրաստանի մէջ կը գործեն ամերիկեան գաղտնի տարրալուծարաններ

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ահազանգ հնչեցուցած են, որ Միացեալ Նահանգներ վտանգաւոր տարրալուծարաններ հիմնած է յատկապէս Վրաստանի մէջ:

 

Ռուսական աղբիւրին համաձայն այդ տարրալուծարանները կը միտին յատուկ թունաւոր նիւթեր արտադրել, զանոնք օգտագործելու համար պատերազմական վիճակներու ընթացքին:

 

Իր կարգին ռուսական բանակի քիմիական զէնքերէ եւ նիւթերէ պաշտպանութեան կոմիտէի ղեկավար Իկոր Քիրիլոֆ յայտարարած է, որ Միացեալ նահանգներ շատ բացայայտ կերպով նման տարրալուծարաններ հիմնած է ոչ միայն Վրասատնի մէջ, այլ Ռուսաստանի եւ Չինաստնաի սահմանին գտնուող տարբեր երկիրներու մէջ:

 

Կը նշուի նաեւ, որ այդ տարրալուծարաններէն ամէնէն յայտնին կարելի է նկատել Վրաստանի մէջ գաղտնի պայմաններու տակ գործող «Լուկար» անունով տարրալուծարանը, որ ըստ ռուսական աղբիւրներուն, կը ծաւալէ բաւական վտանգաւոր գործունէութիւն, ուր նաեւ կը պատրաստուին տարբեր քիմիական նիւթեր, զանոնք օգտագործելու համար պատերազմական իրավիճակներու ընթացքին: