Սուրիա- («Ալ-Նահար»- Պէյրութ)- Հեռուստատեսութեամբ հեռարձակուած հանդիպման մը ընթացքին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար՝ Զօր. Սերգէյ Շոյկուն նախագահ Վլատիմիր Փութինին փոխանցած , որ Միջերկրականի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ռուսական սուզանաւ մը թեւաթիռ (քրուզ) «քալիպըր» տեսակի հրթիռով հարուածած է «Իսլամական պետութեան» կազմակերպութեան դիրքերը Սուրիոյ մէջ, այս մասին կը տեղեկացնէ լիբանաեան «Ալ-Նահար»ը: Թերթը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ «Ռոսթով Անտոն» սուզանաւէն արձակուած հրթիռներուն թիրախ դարձած են Ռաքքայի մէջ գտնուող երկու ահաբեկչական դիրքեր, եւ ծանր վնասներ կրած են այնտեղ գտնուող զինամթերքի պահեստանոցներն ու ռումբեր ու նաւթի ենթակառուցուածքային մշակման գործարանը:Նշուած է նաեւ, որ Ռուսիա նախապէս տեղեկացուցած է Իսրայէլը եւ Ամերիկան սուզանաւէն հրթիռներ արձակելու իր որոշման մասին: Կը նշուի նաեւ, որ վերջին երեք օրերուն ընթացքին ռուսական օդուժը 300-է աւելի օդային թռիչքներ կատարած է Սուրիոյ վրայ եւ հարուածած 600 տարբեր տեսակի թիրախներ:Այս ուղղութեամբ Շոյկու յայտարարած է, որ սուրիական եւ ռուսական ուժերը կրցած են վերադարձնել ռուսական ռմբակոծիչի սեւ տուփը, որ խորտակուած էր Թուրքիոյ կողմէ Լաթաքիոյ մօտ եղող շրջանի մը վերեւ: