Հայկական կայքը ենթարկուած է կայքահէններու DDoS տիպի յարձակման եւ ներկայ պահու դրութեամբ անհասնաելի է: Կայքի համակարգող Կարէն Վրթանէսեան քիչ առաջ խօսելով «Արեւելք»ին յայտնեց, որ կայքի պատասխանատուները ճիգեր կ'իրականացնեն քիչ անց կայքը հասանելի դարձնելու ուղղութեամբ: Նշենք, որ Razm.info -ն մասնագիտական կայք է, որուն լուրերուն հիմնական առանցքը յատկացուած է Արցախի անվտանգութեան, հայկական բանակի լուրերուն ու սահմանային գօտիի զարգացումներուն: