image

Քիւրտիստանի Անկախացումը Աւելիով Պիտի Բարդացնէ Իրավիճակը. Օմէր Չէլիք

Քիւրտիստանի Անկախացումը Աւելիով Պիտի Բարդացնէ Իրավիճակը. Օմէր Չէլիք

Թուրքիա- («Հուրրիյէթ Տէյլի Նիյուզ»-Պոլիս)- Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (AKP)  խօսնակ Օմէր Չէլիքի  համաձայն, Իրաքի Քիւրտիստանի տարածաշրջանային կառավարութեան անկախացումն ապագային աւելի պիտի բարդացնէ տարածաշրջանի պատկերը,  որ արդէն բաւականին բարդ վիճակ կը պարզէ Սայքս-Պիքոէի գծած «արհեստական ​​սահմաններու» համաձայնութենէն ի վեր, 1916-էն: Այս մասին կը փոխանցէ «Հուրրիյէթ»ը, նշելով, որ 4 Փետրուարին լրագրողներուն տուած մամլոյ ասուլիսին Չէլիք նաեւ յայտնած է, որ  Սայքս-Պիքոյի համաձայնագիրի մէջ (որու հարիւրամեակը պիտի նշուի Մայիսին)  գծուած «արհեստական ​​սահմաններ»ը եղած էին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապակայունացման  ազդեցութիւն ստեղծելու  նպատակով:

Կը նշուի, որ Չէլիքի նման արտայայտութիւնը եղած էր՝ ակնարկելով 3 Փետրուարին Հիւսիսային Իրաքի քրտական առաջնորդ Մասհուտ Պարզանիի  հանրաքուէ իրականացնելու կոչերուն,  որ յայտարարած էր, թէ ժամանակը արդէն հասած է, եւ ներկայ պայմանները յարմար են, որ Հիւսիսային Իրաքի քիւրտերը հանրաքուէի միջոցաւ որոշում կայացնեն իրենց ապագայի վերաբերեալ եւ անկախ պետութեան ստեղծման շուրջ: Պարզանի նաեւ նշած է, թէ պարտադիր չէ, որ հանրաքուէի արդիւնքները յանգեցնեն անկախացման որոշումի, այլ անոր հիմնական նպատակն է գիտնալ ժողովուրդի կամքն ու կարծիքը տուեալ հարցի շուրջ: