Թուրքիա- «Արեւելք» քիչ առաջ յաջողեցաւ կապ հաստատել Պոլսոյ «Նոր Զարթօնք» միութեան համաներկայացուցիչ Սայաթ Թէքիրին հետ: Թէքիր ըսաւ, որ երէկ «Քէմբ Արմէն»ի վրայ տեղի ունեցած յարձակումէն ետք վիրաւորուած 2 անձերը բնականոն վիճակի մէջ են եւ վերադարձած են իրենց աշխատանքներուն: Թէքիր նշեց, որ երէկ գիշերուան դէպքէն ետք մեծ թիւով տեղացի (յատկապէս ձախակողմեան) աքթիւիսթներ զօրակցութիւն յայտնած են իրենց: «Այս պահուն թուրք, քիւրտ եւ տարբեր ազգութիւններէ աքթիւիսթներ կը գտնուին «Քէմբ Արմէն»ի մէջ», ըսաւ Սայաթ Թէքիր յաւելելով, որ այսօր երեկոյեան իրենք կը պատրաստուին մամլոյ ասուլիս մը տալ: Պոլսահայ աքթիւիսթը ըսաւ, որ Թուրքիա ապրելով իրենք վարժ են նման յարձակումներու եւ այսպիսի դէպքեր աւելիով կը զօրացնեն իրենց պայքարը: Ան «Արեւելք»ի ամպիոնէն Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութեան դիմելով ըսաւ «մենք հայութեան զօրակցութեան կարիքն ունինք յատկապէս այս հանգրուանին» հաւաստելով, որ իրենք մտադիր են ամէն գնով այս պայքարը շարունակել: Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ եղող «Քէմբ Արմէն»ի դիմադրութիւնը երէկ թեւակոխած էր իր 100-րդ օրը: Անածանօթներ յարձակած էին «Քէմբ Արմէն»ի շուրջ պահակութիւն ընող տղոց դէմ: Բիրերով կատարուած յարձակումին հետեւանքով 2 անձեր վիրաւորուած էին: