Թուրքիա («Տէյլի Սապահ»- Թուրքիա) Պոլսոյ տարբեր օդակայաններուն մէջ այսօր 142 թռիչքներ յետաձգուած են: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ թռիչքներու յետաձգման գլխաւոր պատճառը կլիմայական խիստ պայմաններն են: Կը հաղորդուի նաեւ, որ բացի ներքին գիծերու թռիչքներէն նոյնպէս յետաձգուած են յատկապէս դէպի Միւնիխ, Համպուրկ, Միլան եւ Թեհրան նախատեսուած թռիչքները: Աղբիւրը կը նշէ, որ միայն Պոլսոյ «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ շուրջ 1000 ձիւնամաքրման կառքեր աշխատանքի լծուած են: