image

Թուրքիան մեծ վնասներ կրած է Ռուսատանեան թռիչքներու չեղարկման հետեւանքով

Թուրքիան մեծ վնասներ կրած է Ռուսատանեան թռիչքներու չեղարկման հետեւանքով

 

Ռուսական իշխանութիւններու՝ դէպի Թուրքիա ուղեւորութիւններու արգելքն առնուազն մինչեւ 21 յունիսը երկարաձգելու որոշումը նոր վնասներ պիտի հասցնէ երկրի զբօսաշրջային հատուածին, որ արդէն իսկ լուրջ կորուստներ ունեցած է:

Այս մասին կը յայտնէ Russia Today-ը՝ վկայակոչելով թրքական Daily Sabah պարբերականի տուեալները: Տեղի զբօսաշրջային հատուածի ներկայացուցիչներու գնահատմամբ՝ ապրիլէն ի վեր սահմանուած արգելքի հետեւանքով նիւթական կորուստներու ընդհանուր ծաւալը կազմած է առնուազն 2 միլիառ տոլար:

Թրքական կողմը յոյս յայտնած է, որ օդանաւային չուերթները Ռուսաստանէն Թուրքիա կը վերականգնուին Յուլիսին:

Յիշեցնենք, որ ՌԴ-ն, Թուրքիոյ մէջ «Քովիտ-19»-ի տարածմամբ պայմանաւորուած, 15 ապրիլէն սահմանափակած է թռիչքները դէպի Թուրքիա՝ այդպիսով սահմանափակելով զբօսաշրջային հոսքը: