image

ՊՆ-ի կոչը. Ապահովել զինուորական շարասիւններու անխափան տեղաշարժերը ՀՀ ողջ տարածքին

ՊՆ-ի կոչը.  Ապահովել զինուորական շարասիւններու անխափան տեղաշարժերը ՀՀ ողջ տարածքին

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ կոչ ընելով ապահովելու զինուորական պետհամարանիշներով ինքնաշարժներու եւ զինուորական շարասիւններու անխափան տեղաշարժերը հանրապետութեան ողջ տարածքին:

«Մեկնելով երկրի անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութենէն ՀՀ ՊՆ-ը եւ ԶՈւ-երը կը շարունակեն 24 ժամեայ վարչակարգով իրականացնել իրենց առջեւ դրուած խնդիրները եւ ապահովել մեր հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Անհրաժեշտ է ապահովել զինուորական պետհամարանիշներով ինքնաշարժներու եւ զինուորական շարասիւններու անխափան տեղաշարժերը հանրապետութեան ողջ տարածքին վրայ: Այդ տեղաշարժերը պէտք է ըլլան առանց որեւէ խոչընդոտի, անարգել եւ ճիշդ ժամանակին»,- նշուած է ՀՀ ՊՆ յայտարարութեան մէջ: