image

Հայազգի երգչուհի Շէր՝ «Կարնիէր»ի գովազդային նոր արշաւի գլխաւոր դէմք

Հայազգի երգչուհի Շէր՝ «Կարնիէր»ի գովազդային նոր արշաւի գլխաւոր  դէմք

Հայազգի աշխարհահռչակ երգչուհի, դերասանուհի, երաժշտական արտադրիչ եւ բեմադրիչ Շերը (Շերլին Սարգիսեան) դարձած է ֆրանսական «Կարնիէր» ընկերութեան նոր գովազդային արշաւին գլխաւոր դէմքը։

80-ամեայ արուեստագէտը մասնակցութիւն բերած է ընկերութեան մազերու խնամքին նուիրուած «Fructis Diamond Sleek» արտադրութիւններու շարքի գովազդային արշաւին՝ հանդէս գալով երիտասարդ հոլիվուտեան դերասանուհի Սոչիթլ Կոմեսի հետ։

Գովազդը, որ ներկայացուած է կարճ տեսահոլովակով մը, կեդրոնացած է Շերի ամենաճանչցուած առանձնայատկութիւններէն մէկուն՝ վրայ. ուղիղ, փայլուն եւ խնամեալ մազեր, որոնք տարիներ շարունակ անոր այցեքարտը դարձած են։ Արշաւի հեղինակները փորձած են ընդգծել, որ երգչուհիի յատկանշական ոճն ու արտաքին հմայքը տասնամեակներ շարունակ կը պահպանեն իրենց գրաւչութիւնը։

Շէր, որ երաժշտական աշխարհի կենդանի առասպելներէն մէկը կը նկատուի, հայկական արմատներ ունի։ Ան ութսուն տարեկան է, բայց կը պահպանէ իր ներկայութիւնը մշակոյթի, երաժշտութեան եւ նորաձեւութեան աշխարհին մէջ։ «Կարնիէր»ի նոր արշաւը հերթական անգամ կը հաստատէ որ Շէր կը մնայ միջազգային բեմի ամենայայտնի եւ ազդեցիկ դէմքերէն մէկը։