image

Պոլիս. Ամեն Տ. Սահակ Բ. մէկտեղումը՝ աշակերտներու հետ

Պոլիս. Ամեն Տ. Սահակ Բ. մէկտեղումը՝ աշակերտներու հետ

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Հայրը, օրերս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցած է հայ վարժարաններու ութերորդ դասարանի աշակերտներուն հետ՝ Լէ-Կէ-Սէ-ի քննութենէն առաջ, աղօթելով անոնց յաջողութեան համար։ Հոգեւոր պատգամով ու հայրական օրհնութեամբ ան շեշտած է ուսման, աշխատասիրութեան եւ աղօթքի արժէքը՝ մաղթելով, որ բոլոր աշակերտները վստահութեամբ ու յաջողութեամբ դիմագրաւեն իրենց քննութիւնները։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 9 Յունիս 2026, Երեքշաբթի, ժամը 17.00-ին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցաւ մեր վարժարաններու ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն հետ, որոնք այս շաբաթ պիտի մասնակցին Լէ-Կէ-Սէ-ի (լիսէներու մտից քննութիւն) քննութեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Ֆէնէրճեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Աւ. Ճիվանեան, Արժ. Տ. Յուսիկ Հերկելեան, Արժ. Տ. Ներսէս Այվազեան, Արժ. Տ. Նարեկ Տէյիրմենճեան, Արժ. Տ. Ոսկի Սարգիսեան քահանայ հայրեր ու սարկաւագներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս երգչախումբի անդամներու մասնակցութեամբ։

Արարողութեան մասնակցեցան Էսաեան, Մէրամէթճեան, Արամեան-Ունճեան, Գարակէօզեան, Թարգմանչաց, Գալֆաեան եւ Վիեննական Մխիթարեան վարժարաններու աշակերտները, գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն։

Երգեցողութեան աւարտին քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ ողջունեց ներկայ աշակերտներու մասնակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութեան համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը հաղորդական ոճով խօսեցաւ աշակերտներուն եւ անոնց բացատրեց ուսման եւ աշխատանքի կարեւորութիւնը ու շեշտեց, միշտ աշակերտ մնալու կարեւորութիւնը, որ դուռը կը բանար զարգացման։ Յաջողութիւնը կարեւոր էր, սակայն ամէն ինչ չէր։

Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ հոգեւոր դասը Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ աղօթքով եւ օրհնութեամբ միշտ իրենց կողքին է։

Նորին Ամենապատուութիւնը ապա շեշտեց, թէ կարեւոր էին աղօթքը եւ այս հանդիսութեան առթիւ յատկապէս պատրաստուած աղօթքի քարտերը, որոնց վրայ կային Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի ժողովրդականացած երկու աղօթքները, մին՝ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս», իսկ միւսը՝ «Պահապան ամենայնի»ն։ Թելադրեց, որ միշտ աղօթեն։ Աղօթեն, ո՛չ միայն իրենց համար, այլ նաեւ իրենց օգնական հանդիսացողներուն՝ իրենց ծնողներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, թաղային խորհուրդի կամ խնամակալութիւններու անդամներուն համար եւս, նաեւ խնդրեց որ աղօթեն Սահակ Պատրիարքին համար։

Իր խօսքի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ օրհնեց զանոնք։

Ապա աշակերտները արարողութեան մասնակից հոգեւորականներուն մօտեցան եւ իւրաքանչիւրէն օրհնութիւն ստացան։