Սլովէնիա- («Ալ-Հայաթ»- Լոնտոն)- Սլովենացի երգիծական դերասան Գլէմէն Սլոկոնիայի երգիծական տեսանիւթը 3 միլիոն դիտում ունեցած է YouTube-ի վրայ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Հայաթ»ը: Երեք վայրկեան տեւողութեամբ այս տեսահոլովակին մէջ 30-ամեայ Սլոկոնիա, մարմնաւորելով Փութինը, երգած է՝ «Ես կը տնօրինեմ այս ահաւոր ներկայացումը»: Տեսանիւթին մէջ ան մերկ կուրծքով ձի հեծած, պարտութեան կը մատնէ ճատրակ խաղացողները եւ կը կազմակերպէ ձմեռային ողիմպիական խաղեր 40 ջերմաստիճանի տաքութեան մէջ, կը թմրեցնէ վագր մը եւ կը պարէ պալէյի հագուստով: Դերասանը կ'ըսէ, որ նպատակադրած է «կապ ստեղծել իր ներկայացուցած անձնաւորութեան սիրող եւ ատող մարդոց միջեւ»: Դերասանը, որ անդամ է Սլովենիոյ ազգային թատրոնի, յոյսով է, որ դիտումները կը գրաւեն մեծահարուստ հովանաւորներ, որպէսզի աջակցին իր ծրագրին, որ կը կրէ «The Mokeng Birdman» խորագիրը, ուր զաւեշտային «շոու»ի մը ընթացքին պիտի մարմնաւորէ քաղաքական ոլորտի նշանաւոր անձնաւորութիւններ: Սլոկէնիա նաեւ մարմնաւորած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը, եւ ապագային ծրագիր ունի կապկելու ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն Հանրապետական թեկնածու Տոնալտ Թրամփը եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մէրքէլը: