ՀՀ ԱԳՆ-ն յոյս ունի, որ Պելճիքայի խորհրդարանը կը ճշդէ իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման հարցի վերաբերեալ։ Այս մասին ըսած է Հայաստանի ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Աննա Նաղդալեանը 21 մայիսի ճեպազրոյցի ժամանակ։
Պատասխանելով Պելճիքայի խորհրդարանի կողմէն ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման մասին օրէնքի ընդունման մասին հարցին, որուն մէջ, սակայն, Հայոց ցեղասպանութիւնը անտեսուած է, ԱԳՆ մամուլի քարտուղարն ընդգծած է, որ Ցեղասպանութեան փաստի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքի կողքին անհրաժեշտ է համալիր պայքար ժխտման փորձերու դէմ։ Անոր յատուկ հրատապութիւն կը հաղորդեն թրքական կողմի շարունակական յայտարարութիւնները։ «Յոյս ունենք, որ Պելճիքան կը ճշդի իր դիրքորոշումը Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման հարցում»,- ամփոփած է Աննա Նաղդալեանը։