image
Հրատապ լուրեր:

Նպատակս ծառայելն է եւ պատրաստ եմ օժանդակել ամբողջ հալէպահայութեան. Շահէ Մինասեան

Նպատակս ծառայելն է եւ պատրաստ եմ օժանդակել ամբողջ հալէպահայութեան. Շահէ Մինասեան

-Ինչպէ՞ս անցան Հալէպի ՏԻՄ ընտրութիւնները, ի՞նչ էր ընդհանուր մթնոլորտը մանաւանդ հայութեան   մօտ։


Ընտրութիւնները շատ լաւ անցան, Սուրիոյ ժողովուրդը եւ մանաւանդ Հալէպի ժողովուրդը բարձր ոգիով ներկայացաւ ընտրութիւններուն, որովհետեւ անոնք կը գիտակցին, որ այս ընտրութիւնները յաղթանակի ընտրութիւններ են, որոնց միջոցաւ բոլոր աշխարհին ցոյց պիտի տրուի, որ այս ընտրութիւնները Սուրիոյ ժողովուրդին կամքով կ'ըլլան եւ ժողովուրդը իր թեկնածուն կամ ներկայացուցիչը իր կամքով կ'ընտրէ:

Ինչ կը վերաբերի մեր հայ գաղութին, ինչպէս գիտէք, կային մէկէ աւելի թեկնածուներ, առաջադրուած մէկէ աւելի կողմէ, բնականաբար ամէն մէկ կողմ իր թեկնածուն պիտի քաջալերէր եւ այդպէս ալ եղաւ, կրնամ ըսել լաւ ընթացքով իրականացան ընտրութիւնները, առանց փորձանքի եւ արդիւնքներն ալ արդէն, ինչպէս գիտէք, հրատարակուեցան:

 

-Ի՞նչ նպատակներով  մասնակցեցաք այս ընտրութիւններուն, ի՞նչ էր գլխաւոր նպատակը:

Հիմնական նպատակը, ինչպէս գիտէք 2016 թուականի վերջաւորութեան Հալէպ քաղաքի ազատագրումէն ետք, այն ինչ որ տեսանք Հալէպը ծանր քանդումներ կրած է, եւ  գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ լուրջ աշխատանքներ կան իրականացնելիք, ուրեմն այսօր այս ընտրութեան թեկնածութիւնս դնելով, նպատակս  է , որ Հալէպ քաղաքը դարձեալ վերականգնուի եւ այդ վերականգնումի աշխատանքներուն մենք ալ մեր իսկական գործակցութիւնը բերենք: 

 

-Ընտրութիւններու արդիւնքով դուք Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամ դարձաք։ Այս նոր պաշտօնով պիտի կարողանա՞ք հալէպահայութեանը օգտակար հանդիսանալ:


Ես այսօր ճիշդ է, որ Հալէպի նահանգային խորհուրդի անդամ եմ, հետեւաբար իմ աշխատանքս պիտի ըլլայ Հալէպի բոլոր ժողովուրդին համար, իսկ ինչ կը վերաբերի մեր գաղութին՝ որպէս հայ, այն ինչ աշխատանք որ պիտի տանինք բոլոր հալէպցիներուն համար, նոյն աշխատանքն ալ պիտի ջանանք տանիլ մեր հայութեան  համար: Ինչպէս որ ըսի, նպատակը Սուրիան եւ մանաւանդ Հալէպը դարձեալ վերականգնելն է եւ դարձեալ զարգացնելն է, քանի որ ես կը հաւատամ, որ պատերազմը վերջացած է մեզի համար եւ ժամանակն է, որ Սուրիան դարձեալ իր առաջուայ գեղեցկութիւնը եւ իր տեղը գտնէ աշխարհի մէջ: 

Այս առթիւ դարձեալ  կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել անցեալ խորհուրդի մեր հայ թեկնածուներուն եւ մանաւանդ տիկին Հուրի Ապահունիին, որ ոչ մէկ ջանք խնայեց   օգտակար  ըլլալու    Հալէպի  ժողովուրդին  եւ  յատկապէս  հալէպահայութեանը։

 

 

Մեր ընթերցողներուն  յիշեցնենք, որ Շահէ Մինասեանը յաջողեցաւ  Հալէպի նահանգային խորհուրդին անդամ դառնալ հաւաքելով 40 հազար քուէներ։