Նկատառումներ՝ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ կայացած «Հայաստա՛ն» («Armenia!») ցուցահանդէսին առիթով
(2018 Սեպտեմբեր 22 - 2019 Յունուար 13)
Բիւզանդական արուեստի ծանօթ մասնագէտ տիկ. Հելէն Էվանս երկար տարիներէ ի վեր կ՚աշխատի Մեթրոփոլիթէն թանգարանին մէջ։ Անոր կազմակերպած ցուցահանդէսներէն կարելի է յիշել՝ «Բիւզանդիոնի փառքը» (843-1261)՝ 1997-ին եւ «Բիւզանդիոն՝ հաւատք եւ իշխանութիւն» (1261-1557)՝ 2004-ին։ Նման բնաբաններ անշուշտ կը ներառէին դրացի Հայաստանը եւ տիկ. Էվանսի հետաքրքրութիւնները հայկական արուեստի նկատմամբ ի վերջոյ արդիւնաւորուեցան՝ լայնօրէն ծանուցանուող «Հայաստա՛ն» («Armenia!») ցուցահանդէսով, որու շեշտի նշանը թերեւս որոշ հիացումի մը արտայայտութիւնն է։ Աւելի կարեւոր է, սակայն, վերնագրին մէջ ժամանակաշրջանի բացակայութիւնը, ի տարբերութիւն բիւզանդական շրջանի նախորդ երկու ցուցահանդէսներուն, ուր յստակօրէն նշուած էին ժամանակաշրջանները։ Այս հանգամանքներուն մէջ տրամաբանօրէն կրնանք հետեւցնել, թէ այս ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ Հայաստանի երեքհազարամեայ պատմութիւնը, կամ առնուազն եթէ որոշենք բացառել Ուրարտուն, ան կը տարածուի Ք.ա. 500 տարի առաջուընէ մինչեւ մեր օրերը։ Սակայն այդպէս չէ եւ ան կը սկսի 4-րդ դարու սկիզբէն՝ Հայաստանի քրիստոնէացումէն, ամբողջովին անտեսելով հեթանոսական Հայաստանի հազարամեակը։ Այդպէսով Հայոց ամենէն նշանաւոր թագաւորներէն Մեծն Տիգրանի (Ք.ա. Ա. դար) անունին բացակայութիւնը «Հայաստա՛ն» խորագրուած ցուցահանդէսին մէջ առնուազն տարօրինակ է, եթէ ոչ՝ անընդունելի։ Աւելի յարմար պիտի ըլլար այլ վերնագիր մը, կամ ներածական վահանակով մը բացատրել, թէ Հայաստանը գոյութիւն ունեցած է քրիստոնէութենէն շատ առաջ եւ քրիստոնէութիւնը պարզապէս նոր դարաշրջան մը բացած է անոր առջեւ։ Այդպէս էր պարագան 2007-ին Փարիզի Լուվրի թանգարանին մէջ բացուած ցուցահանդէսին, որ ճշգրտօրէն վերնագրուած էր «Սուրբ Հայաստան» (Armenia Sacra)։
Նախ ընդունինք, որ «Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսին ներկայացուած իրերը որակական առումով հիանալի են։ Մարդ ուղղակի կը պապանձի մէկը միւսէն հարուստ հաւաքածոներուն առջեւ։ Յիշենք հայ ամենէն մեծ մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինի (13-րդ դար) մէկ ձեռագիրը՝ տրամադրուած Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին կողմէ, որ նախապէս միշտ մերժած էր։ Այլ գանձ մըն է Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքին փորագրուած փայտեայ դուռը՝ պահուած անձնական հաւաքածոյի մը մէջ, ինչ որ կը նշանակէ թէ եզակի առիթ մըն է հիանալու անով։
Կարելի է շատ ուրիշ օրինակներ բերել, բայց այս անունին արժանի ցուցահանդէս մը պէտք չէ սահմանափակուի գլուխ-գործոց հաւաքածոյով մը, այլ պէտք է ունենայ դաստիարակչական նշանակութիւն, այցելուները առաջնորդելով դէպի քիչ թէ շատ անծանօթ աշխարհ մը, անոնց օգնելով բացայայտելու այդ աշխարհը, ինչ որ պարագան չէ «Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսին։ Առաջին հայեացքէն աչքի կը զարնէ քարտէսներու ընդհանուր բացակայութիւնը, ինչ որ բացարձակապէս անընդունելի է։ Արդեօք իւրաքանչիւր այցելու ստիպուա՞ծ է իմանալու, թէ ուր կը գտնուի Հայաստանը։ Նոյնիսկ եթէ իմանայ, արդեօք գիտէ՞ Կիլիկիոյ, Վասպուրականի, Սիւնիքի, Սեւանի, Անիի եւ այլ վայրերու ո՛ւր ըլլալը։ Այս շրջաններն ու քաղաքները կը մնան զուտ վերացական անուններ։ Աւելի՛ն, երբ վերջին բաժինը յատկացուած է առեւտրական ճանապարհներուն, այնտեղ որեւէ երթուղիի ներկայացուցչութիւն չկայ։ Ինչ կը վերաբերի ցուցահանդէսի ցանկին (catalogue), ապա ան սկիզբի բաժնին մէջ կը ներառէ միա՛յն ու միա՛յն մէկ քարտէս (էջ 24-25), որ կ՚երկարի Ամերիկայի արեւելեան ափէն մինչեւ Ճափոն։ Աւելորդ է ընդգծել, թէ այդ ընդհանուր պատկերին մէջ Հայաստանը այնքան փոքր ներկայացուած է, որ անկարելի է կարդալ տասնեակ քաղաքներու եւ վանքերու անունները։ Ալ չխօսինք մարզերու մասին, որոնք ամբողջովին անտեսուած են։
Քարտէսներու անհաւատալի բացակայութիւնը կրնար առնուազն մասամբ հատուցուիլ բացատրական յստակ վահանակներով, բայց դժբախտաբար այդպէս չէ։ Ի զուր փնտռեցինք նման բացատրողական մը ցուցահանդէսի եւ ցուցադրուած իրերու ցանկին մէջ։ Կը բաւէ աչք մը նետել ցանկը պատրաստողներու հեղինակներու անուններուն վրայ. այնտեղ կը տեսնենք, որ բացի հոգեւորականէ մը, նոյնիսկ մէ՛կ պատմաբան չկայ, անոնք բացառապէս արուեստաբաններ են, կամ աւելի ճիշդը արուեստաբանուհիներ։ Եթէ ատիկա կնապաշտական սկզբունք է,– ինչու ոչ,– բայց եւ այնպէս ատիկա արգելք չէր դիմելու համար նաեւ քանի մը պատմաբաններու կամ պատմաբանուհիներու։ Ամէն մարդ գիտէ, որ արուեստի զարգացումը չի կրնար առանձնացուիլ իր պատմական կալուածէն։
Այս ընդհանուր պատմական վերահսկողութեան բացակայութեան հետեւանքով, զարմանալի չեն յստակացման կարեւոր թերութիւնները եւ անսահման սխալները։
– 387 թուականէն յետոյ Հայաստանը Իրանի հպատակ երկիրը չդարձաւ (էջ 209), ան բաժնուեցաւ Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ:
– Հայոց պատմահայր՝ Մովսէս Խորենացիին թուականները, տակաւին հակասութիւններու առարկայ են՝ 5-րդ դարէն սկսեալ մինչեւ 8-րդ կամ նոյնիսկ 9-րդ դարը եւ այս պայմաններուն մէջ անոր սահմանել յստակ թուականներ՝ 410-490 (էջ 29) ուղղակի անհեթեթութիւն է:
– Կարսի բռնի կցումը տեղի ունեցած է 1065-ին եւ ոչ թէ «1054-ին», ինչպէս նշուած է էջ 34-ին:
– Կիլիկիոյ Հայոց թագուհի Զապէլի (1215-1252) առաջին ամուսինը ոչ թէ «գահընկէց» (էջ 35,130) եղած էր, այլ՝ բանտարկուած եւ մահուան դատապարտուած:
– Լեւոն Ե. թագաւորը թաղուած է ոչ թէ Սէն Տընիի արքայական դամբարանին մէջ (էջ 35), ուր անոր տապանաքարը փոխադրուած է 19-րդ դարուն, այլ՝ Սելեսթէններու վանքին մէջ:
– Խրիմի ծովափնեայ հատուածին համար՝ «Armenia Maritima» անուանումը առասպել է սոսկ (էջ 88):
– Խրիմի այս հարաւային ափը կը գտնուէր միայն Ճենովացիներու, այլ ոչ թէ «Վենետիկցիներու եւ Ճենովացիներու» (էջ 164) ձեռքը:
– Առասպել է նաեւ այն, որ Հայոց պատրիարքարանը 1461-ին հիմնուած է սուլթան Մեհմէտ Բ.ի եւ Պրուսայի եպիսկոպոսին կողմէ (էջ 172, 253):
– Երուսաղէմի պատրիարքի լիազօրութիւնները սահմանափակուած չէին «միայն տեղական մակարդակներով» (էջ 233):
Արդարեւ ցուցանմուշներուն խորագրերն ու ցանկին վրայ տեղ գտած տեղեկութիւնները հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը հաղորդեն, սակայն այնտեղ պատմական եզրը բացակայ է։ Այսպէս՝ գլուխ մը յատկացուած է Իտալիոյ Հայերուն (էջ 164), բայց ո՛չ մէկ նշում կայ, թէ ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս անոնք հոն հաստատուած են։ Աւելի գէշ է Երուսաղէմի պարագան (էջ 218), ուր պատրիարքարանի հիմնադրութիւնը ամբողջովին անտեսուած է եւ նշանաւոր խճանկարներն ալ առանց լուսանկարներու ներկայացուած են։ Միակ պատկերը՝ տաճարի ներսի լուսանկարն է։ Ինչ կը վերաբերի Քէօմիւրճեանի 1691-ի արտակարգ քարտէսին, ապա անոր զարմանալի պատմութիւնը ինչո՞ւ չէ յիշատակուած ո՛չ ցանկին եւ ոչ ալ բացատրական վահանակներուն վրայ։ Յիշեցնենք, թէ երկար ժամանակ կորսուած սեպուելով՝ երեք դար ետք ան պատահմամբ յայտնաբերուած էր Պոլոնիոյ մէջ։
Ցուցահանդէսին եւ անոր համար պատրաստուած ցանկին մէջ կրկնուող սխալը կը վերաբերի «Կիլիկիոյ թագաւորութեան» անուանումին։ Նման թագաւորութիւն երբեք գոյութիւն չէ ունեցած եւ ո՛չ ալ «Կիլիկիոյ արքայ»։ 1198-ին Կիլիկիոյ մէջ հիմնադրուած է «Հայկական թագաւորութիւն» մը եւ այդպէս անուանուած է ո՛չ միայն Հայերուն, այլ նաեւ բոլոր դրացիներուն կողմէ, ըլլան անոնք՝ յոյն, ֆրանք, արաբ կամ թուրք։ Իսկ եթէ կ՚ապաւինինք աշխարհագրական ճշգրտութեան, կրնանք խօսիլ «Կիլիկեան Հայաստան»-ի (Arménie cilicienne) մը մասին։ Աւելի՛ն, «Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսէն քանի մը քայլ հեռու նոյն թանգարանին մնայուն ցուցափեղկին ցուցադրուած են այս նոյն թագաւորութեան արծաթեայ դրամները, որոնց վրայ յստակօրէն կը կարդանք «Հայաստանի թագաւոր» տիտղոսը։ Ինչո՞ւ այս դրամներէն որոշները փոխառութեամբ չեն ներառուած «Հայաստա՛ն» ցուցահանդէսին մէջ։
Աւելի լուրջ խնդիր մը կայ, որ կ՚առնչուի Մայր հայրենիքէն հեռու այդ թագաւորութեան ծագումին։ Էջ 34-ին կը կարդանք, թէ որոշ ժամանակաշրջան մը Հայերը փոխադրուած են Կիլիկիա,– առանց որեւէ բացատրութեան,– կարծէք, թէ զբօսաշրջիկներու մասին կը խօսուի։ Ուրիշ տեղ մը՝ էջ 134, այս երեւոյթը կապուած է «Մանազկերտի (Manzikert) ճակատամարտին բիւզանդական պարտութեան», ինչ որ անհեթեթութիւն է, նկատի ունենալով որ Հայերը՝ 1071-ին Բիւզանդացիներու եւ սելճուկ Թուրքերու միջեւ տեղի ունեցած այդ ճակատամարտին մաս չեն կազմած։ Իրական պատճառը՝ այդ նոյն Թուրքերուն կողմէ 1064-ին Անիի գրաւումն էր։ Ինչո՞ւ այս իրադարձութիւնը լռութեան մատնուած է։ Նոյն ձեւով էջ 31-ի մէջ առանց որեւէ բացատրութեան կը կարդանք, որ Անիի յուշարձանները ներկայիս ալ աւերակուած են եւ էջ 66-ի մէջ նոյն այս աւերակները տեղակայուած են «թուրք եւ հայկական հանրապետութեանց ներկայի փակ սահմանին վրայ»։ Ո՞ր կողմէն, ինչո՞ւ այդ սահմանը փակ է հարցերուն պատասխան չկայ։ Եւ եթէ էջ 164-ի մէջ ճիշդ ձեւով գրուած է, թէ Կիլիկեան Հայաստանի թագաւորութիւնը կործանուած է 1375-ին եգիպտացի Մամլուքներուն կողմէ, ապա ինչո՞ւ նոյն ձեւով չի յիշատակուիր, թէ Թուրքերը գրաւած են Անին 1064-ին։ Կարեւոր մատնանշում մը. ի դէպ «Թուրքեր» բառը բառացանկին մէջ կը փայլի իր բացակայութեամբ։
Վերոնշեալ հարցադրումները մեզ կ՚առաջնորդեն կատարելու քաղաքական որոշ նկատառումներ։ Եթէ ցուցահանդէսը կը սկսի Հայաստանի քրիստոնէացումով,– ինչպէս որ, արդէն ըսինք, տրամաբանական պիտի ըլլար, պայմանաւ որ վերնագրին մէջ յստակօրէն մատնանշուած ըլլար,– եւ կ՚աւարտի 18-րդ դարով, այդպէսով խուսափելով յիշատակելէ 19-րդ դարէն սկսեալ Հայերու ողբերգական ճակատագիրը, մասնաւորաբար՝ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Անիի ճակատագրի մասին լռութիւն պահելէն բացի, այլ կէտեր եւս կասկածներ կ՚արթնցնեն։ Յիշենք մէկ քանին.
– Մշոյ «Սրբոց Առաքելոց վանքի մասին մատնանշուած է էջ 97-ի մէջ, սակայն մենք կ՚ուզենք ընդգծել, թէ ան ոչնչացուած է Թուրքերուն կողմէ 20-րդ դարուն։
– Ցուցահանդէսին գոհարներու մէջէն անդրադարձանք «Սուրբ Կարապետ» վանքին քանդակուած փայտէ դռան (էջ 109), որ հաւանաբար ան ալ Մուշ կը գտնուի։ Բայց նշուած չէ, թէ այդ դուռը ինչպէ՞ս պահպանուած է, երբ ամբողջ վանքը քարուքանդ եղած է։ Ինչո՞ւ ո՛չ մէկ բառ կայ այս նիւթին շուրջ։ Թերեւս այն պատճառով, որ որեւէ բացատրութեան պարագային հարկ պիտի ըլլար «ցեղասպանութիւն» բառը գործածել։
– Ոչնչացումներուն միակ բացայայտ նշումը կը վերաբերի Նախիջեւանի մէջ Ջուղայի հազարաւոր խաչքարերուն։ Էջ 91-ի մէջ կը կարդանք, թէ անոնք «դիտաւորեալ կերպով ջարդուփշուր եղած են 1990-ական թուականներուն, որպէսզի այդ տարածաշրջանին մէջ Հայերու ներկայութեան բոլոր հետքերը ջնջուին»։ Եթէ թուականը սխալ է,– խաչքարերու ոչնչացումը իր գագաթնակէտին հասած է 2005-ին,– տրուած բացատրութիւնն ալ այնքան լրիւ չէ։ Այսինքն, ինչո՞ւ այս յանցագործութեան հեղինակ Ազէրպայճանի անունը յստակօրէն չէ նշուած։
– Այժմ Ազէրպայճանի կազմին մէջ գտնուող Նախիջեւանի այս շրջանը լեցուն էր հայկական ճարտարապետական կոթողներով, յուշարձաններով, որոնք մէկ առ մէկ լուսանկարուած են, նախքան՝ ամբողջապէս ոչնչացուիլը։ Բայց այս ցուցահանդէսին ու անոր ցանկին մէջ անոնցմէ որեւէ մէկուն հետքն անգամ չկայ։ Արդեօք այն պատճառով որ կազմակերպիչները խուսափա՞ծ են մեղադրանքներ ներկայացնելէ Ազէրպայճանին։
– Չնայած, որ Լորիի, Վասպուրականի կամ Սիւնիքի յուշակոթողներու մասին բաւականաչափ նիւթեր կան, բայց միւս կողմէ նկատելի է Արցախի յուշարձաններու բացակայութիւնը, որոնք նոյնքան կարեւոր են, ինչպէս՝ հայկական ճարտարապետութեան զարդերէն մէկը համարուող Գանձասարի վանքը, որու մասին էջ 178-ի մէջ համառօտ ակնարկ մը կայ, առանց որեւէ բացատրութեան եւ առանց որեւէ լուսանկարի։ Արդեօք ա՞յս ալ պայմանաւորուած է Ազէրպայճանի գոռոզ յաւակնութիւններու մասին չխօսելու հանգամանքով։
Պարզ է, որ Թուրքերն ու Ազէրիները սկիզբէն տեղեակ եղած են այս ցուցահանդէսի ծրագրի մասին։ Մեր նախորդ դիտարկումները թոյլ կու տան ընել երկու ենթադրութիւն.
– Կամ անոնք յստակօրէն ճնշում բանեցուցած են ցուցահանդէսի պատասխանատուներուն վրայ, որպէսզի խուսափին այն ամենէն, որ կրնար յիշեցնել Հայերու նկատմամբ իրենց քրէական քաղաքականութիւնը։
– Կամ ալ հարցը կը վերաբերի այդ նոյն պատասխանատուներու ինքնագրաքննութեան, նկատի ունենալով Ուաշինկթընի ունեցած բարեկամական ջերմ յարաբերութիւնները այս երկու հանրապետութիւններուն (Թուրքիա եւ Ազէրպայճան - «ՆՅ») հետ։
Երկու պարագային ալ արդիւնքը ցաւալի է եւ այս նոյն տեսանկիւնէն ալ կրնանք բացատրել քարտէսներու աներեւակայելի բացակայութիւնը։ Քարտէսները շատ վտանգաւոր են, անոնք կ՚ենթադրեն սահմաններուն մատնանշումը, ժողովուրդին անունը եւ ներկայութիւնը, ինչ որ կրնար այցելուներուն համար հարցում յառաջացնել, թէ ինչո՞ւ այս կամ այն շրջանին մէջ այդքան մեծաթիւ եւ կենսունակ Հայութիւնը ամբողջովին անհետացած է։ Պատասխանը Անգարայի եւ Պաքուի մօտ կը գտնուի։
Սոյն գրութիւնը աւարտենք երկու դիտողութեամբ։ Սովորաբար ցուցահանդէսի ցանկին մէջ իւրաքանչիւր առարկայի համար կը մատնանշուին նախորդ ձեռնարկները, որոնց առիթով ցուցադրուած է այդ նոյն առարկան։ Սակայն հոն ո՛չ մէկ հետք կայ այդ մասին։ Ինչ կը վերաբերի ցուցահանդէսին, ապա յատկացուած տարածութիւնը շատ նեղ է եւ շնչելը անկարելի է։ Ի՜նչ հակադրութիւն վերի յարկի Տըլագռուայի ցուցահանդէսին հետ, ուր հսկայական սրահներ եւ ուշագրաւ ներկայացում մը թոյլ կու տան գնահատելու այս նկարիչին արուեստի իրական արժէքը։ Մեթրոփոլիթէն հսկայական թանգարանը չէ՞ր կրնար աւելի կարեւոր տեղ յատկացնել ներկայացնելու համար հայկական արուեստի գլուխ-գործոցները։ Թերեւս այս հարցին պատասխանը պէտք է գտնել վերոնշեալ քաղաքական դիտարկումներուն մէջ։
«Հայաստա՛ն» ցուցահանդէս այցելութիւնը ներառուած է թանգարանի մուտքի տոմսին մէջ, այնպէս որ հոն կու գան մեծ թիւով այցելուներ։ Եթէ անոնք չէին թաքցներ իրենց հիացումը՝ ի տես ցուցանմուշներու գեղեցկութեան, սակայն պարզ է, որ անոնց մեծամասնութիւնը բովանդակութենէն ոչինչ կը հասկնար։ Ի՜նչ մսխում։
Եզրակացնելու համար ըսենք, թէ «Հայաստա՛ն»-ը սքանչելի ցուցադրութիւն է, որ կրնար կոչուիլ՝ «Քրիստոնեայ Հայաստանի արուեստը մինչեւ 18-րդ դար», բայց որպէս հայկական ցուցահանդէս՝ դառն ձախողութիւն է՝ թէ՛ ներկայացման տկարութեան եւ թէ քաղաքական զիջումներուն պատճառներով։ Արդիւնքը վայել չէ Մեթրոփոլիթէնի նման հեղինակաւոր թանգարանի մը։
Արմէն Մութաֆեան
«Նոր Յառաջ»