image

Կայացած է Փութին-Էրտողան քննարկումը. Թեման Արցախն էր

Կայացած է Փութին-Էրտողան քննարկումը. Թեման Արցախն էր

 

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահները հեռախօսազրոյցի ժամանակ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:

 

«Դրական գնահատական ​​տրուած է հրադադարի եւ ռազմական գործողութիւններու վերահսկման ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի գործողութիւններուն: Թուրքիոյ նախագահը աջակցութիւն յայտնած է Ռուսաստանի ջանքերուն` ապահովելու Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի յայտարարութիւններուն մէջ ամրագրուած պայմանաւորուածութիւններու ամբողջական կատարումը: Վերահաստատուած է համակարգումը շարունակելու փոխադարձ պատրաստակամութիւնը, այդ շարքին` յօգուտ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման եւ փոխադրային ենթակառուցուածքներու վերականգնման», - ըսուած է Քրեմլի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ Սուրիոյ մէջ կարգաւորման խնդիրները քննարկելու ժամանակ՝ ընդգծուած է Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու համատեղ գործունէութեան կարեւորութիւնը` կանխելու համար Իտլիպի եւ երկրի հիւսիս-արեւելքի մէջ լարուածութեան աճը, շարունակելու շրջաններու մէջ մնացած ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարը:

Վլատիմիր Փութին նաեւ բաժնեկցած է ԱՄՆ նախագահ Պայտընի հետ Ժընեւի մէջ վերջերս կայացած բանակցութիւններէն ստացած տպաւորութիւններով:

Էրտողան երախտագիտութիւն յայտնած է Թուրքիոյ հետ օդային հաղորդակցութիւնը վերսկսելու՝ ռուսական կողմի ընդունած որոշման կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ռուսական «Սփութնիք V» պատուաստանիւթի մատակարարումներու մեկնարկի համար: