Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի խօսնակին կարծիքով, անցնող օրերուն Արցախեան սահմանին եղած ընդհանուր իրավիճակը ամենահանգիստն է: Դաւիթ Բաբայեան այս մասին խօսած է «Արմէնբրէս»ին ըսելով նաեւ, որ հակառակ հակառակորդի կրակոցներուն, ներկայ պահուն տիրող իրադրութիւնը կարելի է համարել ամենահանգիստը՝ համեմատելով անցնող երկու տարիներու ընդհանուր իրադրութեան: