ՀՀ ԱԳ Նախարար Էտուարտ Նալբանդեան ելոյթ մը պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Նշենք, որ ՀՀ դիւանգիտութեան պետի ելոյթը պիտի կայացուի ՄԱԿ-ի 70-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս: Շատ հաւանական է, որ այցի շրջանակներուն մէջ Նալբանդեան հանդիպում ունենայ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովին հետ: